Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան կոչով դիմած է սփիւռքահայութեան` յորդորելով մասնակից ըլլալ հայրենիքի ապագայի կառուցման: Կը ներկայացնենք կոչը ամբողջութեամբ.
Սիրելի՛ հայեր, Սփիւռքի մեր հայրենակիցնե՛ր, Պատիւ ունիմ կոչով դիմելու ձեզի եւ բոլոր անոնց, որոնք անտարբեր չեն Հայաստանի նկատմամբ՝ մասնակից ըլլալու հայրենիքի ապագայի կառուցման: