Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակի ոգեկոչումը Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ

24 Ապրիլ 2009-ին Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ, ի մասնաւորի Քէօլն, Շթութկարթ, Համպուրկ, Պէռլին եւլն., տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակին ոգեկոչման տարաբնոյթ ձեռնարկներ: Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկը, ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս, տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի Փաուլսքիրշէ (Սուրբ Պօղոսի տաճար) կոչուած հանդիսասրահին մէջ՝ կազմակերպութեամբ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան եւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի: Այս սրահին մէջ է, որ տեղի կ’ունենան համագերմանական նշանակութիւն ունեցող հանդիսութիւններ, յուշ-երեկոներ եւ ոգեկոչման տարաբնոյթ ձեռնարկներ: Կեդրոնական ձեռնարկը լաւագոյնս կազմակերպելու համար Կեդրոնական Խորհուրդի ու Առաջնորդարանի կողմէ ստեղծուած էր □24 Ապրիլ□ միասնական Յանձնախումբը, որն ալ ստանձնած էր Ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկին կազմակերպումը:

Ոգեկոչման ձեռնարկը բացուեցաւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի ատենապետ Տոքթ. Շաւարշ Յովասափեանի
բացման խօսքով: Տոքթ. Յովասափեան յանուն կազմակերպիչ հաստատութիւններու ողջունելէ ետք աւելի քան 500 ներկաները, որոնց մէջ նաեւ բազմաթիւ պետական, դիւանագիտական, եկեղեցական ներկայացուցիչները, նշեց, որ գերմանական կառավարութիւնը նկատի ունենալով, իր պատմական պատասխանատւութիւնն ու դերակատարութիւնը, պէտք է իր լծակներն օգտագործէ ազդելու թուրքական իշխանութիւններու վրայ, որպէսզի վերջ գտնեն մերժումի եւ ուրացումի դրսեւորումները: Ան պահանջեց, որպէսզի Գերմանական Խորհրդարանը ի յաւելումն իր 2005-ի որոշման, որուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակուած է որպէս □բնաջնջում□ եւ □արմատախլում□ կամ այլ համարժէք եզրերով, բնութագրուի միակ ընդունելի եւ ճիշտ բնորոշմամբ՝ Ցեղասպանութիւն: Հակառակ պարագային ան կրնայ միշտ դուռ բանալ աւելորդ եւ անտեղի շահարկումներու: Գերմանիան գիտակից իր պատմական պատասխանատւութեան պէտք է իր նիւթական ու  բարոյական աջակցութիւնը բերէ գերմանահայ համայնքին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդգրկէ գերմանական ուսումնական ծրագիրներու մէջ:

Բացման խօսքէն ետք հնչեցին քանի մը ողջոյնի խօսքեր: Առաջինը Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան գործերի ժամանակաւոր հաւատարմատար Պրն. Համբարձում Մինասեանն էր: Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչը յիշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին ոգեկոչումը տեղի ունեցած է 1919-ին Պոլսոյ մէջ, երբ Ցեղասպանութիւնը վերապրած խումբ մը հայ մտաւորականներ, կազմակերպեցին մասնաւոր սգատօն մը: Հետեւաբար այս տարի կը լրանայ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ոգեկոչման 90-ամեակը: Ան մէջբերեց Յակոբ Սիրունիի հետեւեալ տողերը. □Մեր սարքած սգատօնը այլեւս աւանդական դարձաւ: Այն օրէն որդեգրուեցաւ Ապրիլ 24-ը իբր համազգային սուգի խորհրդանշան□:

□Օսմանեան կայսրութիւնում 1,5 միլիոն հայերի ոչնչացումը ...ապացուցուած պատմական փաստ է, որն ունի մէկ անուն` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ: ...Գիտնականները կատարել են իրենց աշխատանքը: Այժմ եկել է քաղաքական գործիչների պատասխանատւութեան ամրագրման` ոճրագործութիւնն ինչպիսին որ այն եղել է` ցեղասպանութիւն, կոչելու պահը: Եւ Թուրքիան այսօր հնարաւորութիւն ունի չմնալու ինքնախաբեութեան ու պատճառաբանութիւնների խաւարում խարխափող երկրի կարգավիճակում, այլ դառնալու իր պատմութեանն ու իրականութեանն ուղիղ հայացքով նայող ժողովրդավարական պետութիւն□,- շարունակեց Պրն. Մինասեան:

Այնուհետեւ ողջոյնի խոսք արտասանեց Հեսսէն նահանգի Խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Ֆրանկթուրթի գլխաւոր քաղաքապետի ներկայացուցիչ Պրն. Ուլրիխ Քասպար: Ան յանուն նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւններու իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց պահանջքներու իրականացման եւ մասնաւորապէս ողջունեց վերջին շրջանի հայ-թուրքական փոխյարաբերութիւններու բարելաւման ջանքերուն:

Ողջոյնի յաջորդ խօսքը արտասանողը Գերմանիոյ ասորական կեդրոնական կազմակերպութեան ատենապետ Պրն. Դաւիթ Կէլէնն էր, որ խօսեցաւ նաեւ Ասորի-Ուղղափառ Եկեղեցու առաջնորդ Յուլիոս Արքեպիսկոպոսի անունով: Ան իր սրտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովրդին: Յիշատակեց, որ հայութեան դատը նաեւ իրենց դատն է, հայութեան արդար դատի յաղթանակը նաեւ իրենց յաղթանակն է:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Գերմանիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Տիկ. Գայանէ Ափինեան, նշելով, որ Արցախի ազատագրական պայքարը պիտի տեսնել հայ դատի բաղկացուցիչ մէկ մասը: Արցախի յաղթանակը փրկեց արցախահայ ժողովրդին նոր ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգէն:

Երաժշտական ընդմիջումէն ետք խօսքը փոխանցուեցաւ օրուն երկու հիմնական բանախօսներէն Փրոֆ. Տոքթ. Օթթօ Լուխթէրհանտթին: Յարգարժան փրոֆէսորը, որ Գերմանիոյ մէջ յայտնի եւ ճանաչուած իրաւաբան եւ իրաւագէտ է, զուգահեռներ անցկացուց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Հօլօքօսթի միջեւ՝ մատնանշելով որ թէ միջազգային եւ թէ գերմանական օրէնքներով Հայոց Եղեռնը լիովին կը համապատասխանէ □Ցեղասպանութիւն□ բնորոշուելու իրաւական եզրին: Հետեւաբար ան պէտք է նաեւ Գերմանիոյ մէջ բնութագրուի որպէս այդպիսին եւ խստօրէն դատապարտուի: Կարելի չէ թոյլ տալ, որ Ցեղասպանութեան ուրացման եւ արժեզրկման երեւոյթներ մուտք գործեն գերմանական իրականութիւն:

Երաժշտական մասէն ետք յաջորդ հիմնական բանախօսը հայութեան քաջ յայտնի պատմաբան եւ հրապարակախօս Պրն. Վօլֆկանկ Կուսթն էր: Ան յայտնի է թէ անցեալին եւ թէ նաեւ այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ու արխիւային փաստաթուղթերու յայտնաբերման պրպտումներով եւ առ այսօր այդ ուղղութեամբ հրատարակած արժէքաւոր հրատարակութիւններով: Յարգարժան բանախօսը իր շահեկան ելոյթին մէջ ի մասնաւորի կատարեց հետեւեալ մատնանշումները. Հայոց Ցեղասպանութիւնը զուտ թուրքական ծրագիր էր: Գերմանիոյ պատասխանատւութիւնը այն է, որ ան չօգտագործեց իր ունեցած լծակները Ցեղասպանութիւնը խոչընդոտելու համար: Գերմանական կայսրը, որ հակառակ իր բազում աշխատակիցներու վերապահութեան դաշնակցած էր օսմանական Թուրքիոյ, ունէր իշխանութիւնն ու զօրութիւնը՝ արգիլելու հայկական կոտորածները: Գերմանական արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւները լեցուն են 1915/16 թուականներու հաւաստի վկայութիւններով, որոնք կը նկարագրեն հայութեան զանգուածային կոտորածները, սակայն այդ տարիներու գերմական մամուլը բացարձակ լռութիւն պահպանած է այս առնչութեամբ: Բացարձակ կեղծիք է անցեալին եւ ներկայիս թուրքական կողմին պնդումները, թէ իբր հայերը վտանգ կը սպառնային օսմանական պետութեան, հետեւաբար կառավարութիւնը պարտաւորուեցաւ զանոնք տեղահանել: Պրն. Կուսթ քաղաքական եւ բարոյական սխալ մըն է, որ պէտք է սրբագրուի եւ հայութիւնը իրաւացիօրէն կը սպասէ գործնական եւ տեսանելի քայլեր Գերմանիոյ կողմէ:

Հուսկ բանքը արտասանեց Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան: Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Ցեղասպանութիւնը միայն մարդկային կորուստ չէ, այլեւ լեզուական, մշակութային, 
եկեղեցական: Բաց է դեռ հայութեան վէրքը, քանի չէ ընդունուած Ցեղասպանութիւնը: Անպատմելի ցաւն ու յիշողութիւնը հայերը կը կրեն իրենց մէջ ահա արդէն 94 տարիներ: Գարեգին Սրբազան նշեց, որ մէկ կողմէ թուրքական հասարակութեան մէջ կը նշմարուին դրական զարգացումներ, հրապարակախօսներ ու մտաւորականներ, բայց նաեւ պարզ մարդիկ, կը փորձեն խօսիլ հայութեան տառապանքին մասին եւ հասկնալ զայն, բայց միւս կոմէ ալ թուքական հասարակութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը դեռ ժխտողաբար է տրամադրուած հայութեան արդար ցաւին ու կրած տառապանքին նկատմամբ: Ան յոյս յայտնեց, որ ի վերջոյ հայ եւ թուրք ժողովուրդները կարենան իրական ու տեւական հաշտութիւն մը արձանագրել՝ հիմնուած արդարութեան եւ պատմական ճշմարտութեան վրայ: Միայն այսպիսի հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը կրնայ մնայուն դառնալ եւ այս երկու ժողովուրդները ազատագրել պատմական ժառանգութեան ծանր բեռէն:

Ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկը իր լրումին հասաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար կատարուած Հոգեհանգստեան աղօթքով եւ միասնական արտասանուած Տերունական աղօթքով:

Ձեռնարկին երաժշտական բաժինը ստանձնած էին ներկայիս Գերմանիոյ մէջ ապրող Հայկ Տէինեան եւ Սաթիկ
Թումեան ամուսնական զոյգը, որոնց կատարմամբ հնչեցին □Հայաստան□, □Անտունի□, □Տէր կեցո, զՀայս□ երգերն ու Եկմալեանի □Սուրբ, Սուրբ□ը: Իսկ հայաստանցի երիտասարդ ջութակահարուհի Անի Աղաբէկեան ջութակին վրայ կատարեց □Կռունկ□, □Ծիրանի Ծառ□ եւ □Քելեր, Ցոլեր□ ստեղծագործութիւնները:

 
Նկարներ... 

 

Յանուն կազմակերպիչներու`


Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան